Զարմանազան 2024: արեւմտահայերէնով ամառնային Միացեալ

()
image_pdfimage_print

Զարմանազան 2024: արեւմտահայերէնով ամառնային Միացեալ

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։

Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.

— 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ),

— 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա),

— Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը (Ֆրանսա)։

Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին համատարիքային ու բազմատարիքային զանազան աշխատանոցներու, որոնք կ՚ընդգրկեն տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։ 

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը միասնաբար կը կատարուին ու կ՚ապրուին։

Միացեալ Նահանգներու առաջին ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ, 2024-ի Յունիս 7-էն Յունիս 27։ Դիմումները բաց են մինչեւ 2024-ի Յունուար 31, տեղական ժամով իրիկուան 11-ին։

Ֆրանսայի 8-րդ ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Ալպեան լեռներուն մէջ, 2024-ի Յուլիս 11-էն  Օգոստոս 6։ Դիմումները պիտի բացուին 2023-ի Դեկտեմբեր 10-ին եւ պիտի փակուին 2024-ի Փետրուար 15-ին, Կրինիչի ժամով 23։00-ին։

Անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտերը։ Երկու ճամբարներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։

Զարմանազանի դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք zarmanazan.com կայքէջը։

Գալով Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագիրին՝ մասամբ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի «Զարմանազան»ին ընթացքին։ Դասընթացքը պիտի շարունակուի առցանց՝ 2024-2025 ուսումնական տարուան ընթացքին, Ինալքոյի (INALCO-Institut National des Langues et Civilisations Orientales) կողմէ եւ պիտի աւարտի վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՚առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագիրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Ֆրանսայի Mille et un mondes ընկերակցութեան եւ Փարիզի INALCO (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկ)-ին համագործակցութեամբ։ 2024-ին «Զարմանազան»ը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի համագործակցութեամբ եւ աջակցութեամբ։

Ֆրանսայի Զարմանազանը վաւերացուած է Կրթութեան եւ Երիտասարդութեան Նախարարութեան կողմէ։ Միացեալ Նահանգներու Զարմանազանը վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ Քըրն Գաւառի Բնութեան Առողջապահութեան Բաժանմունքին կողմէ։

image_pdfimage_print

How useful was this post?

Click on a star to rate it!

Average rating / 5. Vote count:

No votes so far! Be the first to rate this post.

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Suivez-nous !

Նմանատիպ իրեր