2023 թուականի օգոստոս 1-3 Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ազգային երիտասարդական առաջին համաժողովը, որուն կը նախատեսուի 450 մասնակիցի ներկայութիւնը սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն: Համաժողովը կը կազմակերպուի ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ` նպատակ ունենալով համախմբել սփիւռքի երիտասարդական ներուժը եւ ստեղծել օրինական հիմքեր յետագայ համագործակցութեան համար: Հաւաքը Հայաստանին եւ սփիւռքին հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու երկկողմ առաջնահերթութիւնները, համադրելու օրակարգերը եւ մշակելու ռազմավարական մօտեցումներ:
Երիտասարդներուն կողմէ` երիտասարդներուն համար:
Համաժողովին մասնակցելու համար պիտի հրաւիրուին սփիւռքեան երիտասարդական, համայնքային, ուսանողական, կրթամշակութային, մասնագիտական կառոյցներու եւ ոլորտներու այն ներկայացուցիչները, որոնք 18-35 տարեկան են, աշխոյժ անդամներ են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու տարբեր շրջանակներու մէջ, նպատակ ունին զարգացնել իրենց գործունէութիւնը եւ ստեղծել նոր կապեր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի այլ համայնքներու հետ:
Ազգային երիտասարդական համաժողովը կ'իրականացուի ներառական ձեւաչափով, որուն ընթացքին տեղի կ'ունենան խմբային քննարկումներ, հանդիպումներ, շնորհանդէսներ, աշխատաժողովներ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսներ, կապերու հաստատման եւ մշակութային ձեռնարկներ: Համաժողովն ամբողջ աշխարհի հայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու ընդհանուր առաջնահերթութիւնները եւ միասին աշխատելու Հայաստան-սփիւռք երիտասարդական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզի մշակման ուղղութեամբ:
Սփիւռքի համայնքներուն մէջ աշխոյժ ներգրաւուած երիտասարդ գործիչները, մասնագիտական խումբերու ներկայացուցիչները, համահայկական, երիտասարդական կառոյցներու անդամները, որոնք հետաքրքրուած են համաժողովի մասնակցութեամբ, կրնան լրացնել հետեւեալ յայտադիմումը` :
https://forms.gle/u27KbzBZwyLV8PcFA